Իրանի պաշտպանության նախարար, բրիգադի գեներալ Ազիզ Նասիրզադեն կիրակի օրը նախազգուշացրել է, որ ամերիկացիները չեն կարող սպառնալ Իրանին, քանի որ ամբողջ տարածաշրջանում նրանց բազաները գտնվում են Իրանի նշանառության տակ։ «Մենք թշնամի չենք մեր հարևան երկրներին, նրանք մեր եղբայրներն են, բայց նրանց տարածքում գտնվող ամերիկյան բազաները կդառնան մեր թիրախները», - շեշտել է Նասիրզադեն։               
 

Յոզղատ

Յոզղատ
07.11.2014 | 12:36

Եոզկատ քաղաքը հիմնուած է չոփուր, չափար կամ չոպան Էօմեր աղայի կողմէ, որուն մահէն ետք իր երկու զաւակները կը ստանձնեն ցեղախումբին առաջնորդութիւնը:
Չափանօղլուներու արդարադատ իշխանութեան համբաւը տարածուած էր արեւելեան հայկական նահանգներու մէջ, եւ կարեւոր թիւով բնիկներ, իրենց կալուածները լքելով քրտական կամ թրքական բարբարոսութիւններուն պատճառով, գաղթած են դէպի Արեւմուտք եւ հաստատուած Չափանօղլուներու իշխանապետութեան մէջ, անոնց պաշտպանութիւնը վայելելու նպատակով:
Աւանդութիւններով կը հաստատուի, թէ քաղաքին անունը ծագում առած է թրքերեն եոզ (հոտ) եւ ղաթմաք (խառնել) բառերու ածանցումէն:

Եոզկատ քաղաքը հիմնուած է 1762-ին թուրքերու թիւրքմէն ցեղի (եւ ո՛չ օսմանցի Չափանօղլու աւատապետ պեյերուն ձեռքով: Չափանօղլուներէն Մուսթաֆա պէյ (յետոյ՝ փաշա) 1779-ին կառուցած է քաղաքին մեծ մզկիթը՝ Ճամիի Քեպիր, 1795-ին ալ Չափանօղլու Սուլէյման պէյ այդ մզկիթին կից շինել տուած է երկրորդ մը, աւելի փոքր:

Գեղեցիկ քաղաք էր Եոզկատը, անոր համար որ փողոցները նեղ, ծուռ ու մուռ չէին: Երկու հանդիպակաց բլուրներու կողերուն վրայ կառուցուած ըլլալով, առհասարակ երկայարկ, եռայարկ տուները, մէկը միւսին վրայ, սանդխամատի մը աստիճաններուն պէս, կղմինդրածածկ կարմիր կտուրներով, ցերեկները՝ երկինքի յարկերուն բարձրացածի երեւոյթ կու տային, իսկ գիշերները՝ լոյսերու առատութեամբ, երկնավառ աստղերու պատրանքով, տեսողութեան շատ հաճելի պատկեր մը կը պարզէին:
Գեղեցիկ էր Եոզկատը, եւրոպական տեսքով, բարեզարդ, շէն քաղաք մը, որովհետեւ ճարտարապետները շինարարի դարաւոր հմտութիւնը ցոլացնող նրբաճաշակ հայ վարպետներն էին, որոնք թէեւ գալֆա կը կոչուէին, բայց չափագէտներէն աւելի արդիւնավոր գործեր կը կատարէին, ինչպէս Յարիկ Գալֆան եւ Աւետիս Գալֆան:
Եոզկատի հայը կրօնասէր էր եւ աւանդապահ, ջերմ ազգասէր էր եւ սիրտը կը վառէր հայութեան դառն ճակատագրին կրակովը:
Կ’ապրէին սովորական ապրուստի մտահոգութիւններով, կարծես առեւտուրը եղած ըլլար կեանքի միակ նպատակ:

Եոզկատը շատ շուտով եղած է վաճառաշահ քաղաք մը՝ գիւղատնտեսական արտադրութիւններու վաճառման եւ ճարտարարուեստական ապրանքներու սպառողական լայն հնարաւորութիւններով:
Եոզկատի վարչական շրջանակը շատ ընդարձակ էր, ունէր շուրջ 850 անուն գիւղ, այս բազմահազար բնակչութեան երկրագործական բազմապիսի արտադրութիւններուն աւելորդին փոխանակումը քաղաքի ապրանքներուն հետ տեղի կ՛ունենար ամբողջովին հայերու միջոցաւ: Քաղաքին ամբողջ տնտեսական կեանքը, ներածումը, արտածումը, դրամափոխութիւնը, արհեստաւորական կեանքը մեծաւ մասամբ հայերու, մասամբ ալ յոյներու ձեռքն էր: Քաղաքի շուկային 2000 մեծ ու փոքր շահատուներուն հազիւ 50-ը թուրքերուն կը պատկանէին, անոնցմէ միայն չորսը վաճառական էին, միւսները՝ աննշան մանրավաճառներ:
Ահա այսպիսի նպաստաւոր պայմաններու առկայութեան շնորհիւ եոզկատցի հայը տնտեսապէս բարգաւաճեցաւ եւ թուապէս բազմացաւ:
Եկան Արսլանեան, ապա Խանճեան, Փափազեան, Սահակեան յայտնի առեւտրական տուները, որոնք իրենց թեւերը երկարեցին մինչեւ մայրաքաղաք եւ համբաւ շահեցան, սակայն հետզհետէ իրենց դիրքերը յանձնեցին Ադամեան մեծահարուստ ընտանիքին: Թուրքերը անոր նիւթական կարողութիւնը կը գնահատէին 150000 հնչուն ոսկի (այս դժբախտ ընտանիքը իր ամբողջ հարստութեան փճացումը տեսնելէ ետք իր գերդաստանի ամբողջ այր մարդիկը կորսնցուց, բացի մէկ հատէն, Սվազի Քանլըտէրէ տեղամասին մէջ): Յայտնի հարուստներու շարքին յիշենք նաեւ Ճինիվիզեան, Տօնիկեան, Խաշխաշեան, Էնֆիյէճեան, Քարալեան, Թէքիրեան եւ Քապաքճեան Յարիկը: Աչքառու տնտեսութիւն ունեցեր են նաեւ Քեստեքեան հաճի Սահակը եւ արջառի կիւրինցի առեւտրական Պաղտասար Գասպարեանը, որոնց համար կþըսէին թէ 40000-ական ոսկիի կարողութիւն ունին. առաջինին թոռներէն 4 կամ 5 տղայ-աղջիկ, իսկ երկրորդին միայն մէկ աղջիկը վերապրեցան: 5000-նոց վաճառականները քանի մը տասնեակով, իսկ 1000-նոցները հարիւրեակներով կը յիշուէին:
Խանութ եւ արհեստ չունեցող դասակարգ մըն ալ կար, որ առուծախով կը զբաղէր, յաճախ՝ թուրքերու հետ ընկերովի: Ասոնք առաւօտուն եկեղեցիի մուտքին պատերը կը համբուրէին, որ Տէրը օգտակար նասիպներու արժանացնէ: Գիւղացիին բերածները կը գնէին, գնելիքներուն համար ալ միջնորդչէք կþառնէին վաճառատունէ մը, յետոյ գոհութեամբ կը բարձրանային Սողուքլուք, դարաւոր մայրիներու ստուերին տակ կերուխումի: Ասոնք քաղաքին լոթիներն էին, արեւելահայոց մէկ ասոյթով:
ՈՒ չափազանցութիւն պիտի չըլլար ըսել, թէ ոչ միայն Եոզկատի գաւառին, այլ ամբողջ Անատոլուին մէջ արտածումը, ներածումը եւ սեղանաւորական գործառնութիւնները կեդրոնացած էին գլխաւորաբար հայերու եւ յոյներու ձեռքին մէջ:
Եոզկատ քաղաքը դրամատուն չունէր, բայց դրամական գործառնութիւնները կ՛ընէին հարուստ վաճառականները, որոնք սարաֆ կը կոչուէին: Իբրանոսեան, Ճինիվիզեան, Անեազեան, Կէօվհէրեան, Տօնիկեան, Սանդիկեան, Սահակեան տուները անուն շահած էին նաեւ այս մարզին մէջ:
Իբրեւ վաճառաշահ քաղաք եւ տնտեսական ծաղկուն կեդրոն՝ Եոզկատի վայելած համբաւին մասին գաղափար մը տալու համար, ահաւասիկ քանի մը եոզկատահայ անուններ, որոնց հռչակը առեւտուրի եւ մանր արդիւնաբերութեան կալուածներէն ներս, կը տարածուէր մինչեւ օսմանեան կայսրութեան ընդարձակ սահմանները.
Յովհաննէս եւ Աղեքսանդր Արսլանեաններ - հիւսուածեղէնի մեծ վաճառականներ.
Տիգրան Արսլանեան- սեփականատէր մեծ գորգագործատան մը, ուր կþաշխատէին բազմաթիւ ընտանիքներ եւ որուն արտադրութիւնը կþարտածուէր դէպի եւրոպական երկիրներ.
Պօղոս Արսլանեան - հիւսուածեղէնի եւ կերպասեղէնի արտածող-ներածող.
Սամսոն-Հայկազուն Ճինիվիզեան- ամբողջ Անատոլուի մորթեղէնի արտածող դէպի Լայփցիկ (Գերմանիա).
«Ճինիվիզեան-Տօնիկեան» - առեւտրական մեծ հաստատութիւն, որ մասնաճիւղեր ունէր Պոլսոյ եւ Սամսոնի մէջ, կ՛արտածէր սուրճ, շաքար, բրինձ դէպի Եւրոպա եւ կը ներածեր երկաթեղէն.
Քեստեքեանները ունէին առանձնաշնորհումը ապուխտի եւ երշիկի պատրաստութեան եւ կեսարահայ վարպետներուն հետ կþապահովէին ամբողջ Թուրքիոյ ապուխտն ու երշիկը.
Անեազեանները կը զբաղէին մսացու անասուններու առեւտուրով.
Յակոբ եւ Սարգիս Էնֆիյէճեանները՝ արջառի արտածումով.
Գարալեանները՝ բուրդի վաճառականութեամբ.
Համբարձում եւ Յակոբճան Փափազեանները՝ արմտիքի առեւտուրով.
Վահան Ադամեանը՝ կերպասեղէնի վաճառականութեամբ.
Ռուբէն եւ Յակոբճան Տօնիկեանները՝ հաւկիթի արտածումով դէպի Եւրոպա.
Խանճեանները կը ներածէին կերպասեղէն.
Ադամեանները կþարտածէին արջառ եւ կը ներածէին երկաթեղէն.
Սարգիս եւ Գրիգոր Տօնիկեանները մեծաքանակ ներածող եւ արտածող վաճառականներ էին:
Քաջ են Եոզղատի հայք: Եւ իրենց քաջութիւնը ցոյց տուած են շատ մը պարագաներու մէջ, հարկ եղած ժամանակներ, ինչպէս նաեւ 1895-ի կոտորածներու պահուն: Արդարեւ, 1895-ի դէպքին միայն 6 հայեր զոհ գացին Եոզղատի մէջ:

Եոզկատի հայերու առաջին կարաւանը ճամբայ հանուեցաւ 26 յուլիս 1915-ին՝ Եոզղատ - Զիլէ ուղիով: Այս կարաւանին մէջ էին Եոզղատի Առաջնորդ Ներսէս եպիսկոպոս Դանիէլեան, եօթն քահանաներ, տասնեւհինգ ուսուցիչներ, մտաւորականներ, բժիշկներ, դեղագործներ, վաճառականներ եւ Եոզղատի երեւելի հայեր: Օգոստոսի 6-ին Եոզղատի առաջին կարաւանի 472 հայերը հասան Սեբաստիայէն չորս ժամ հեռու Գարտաշլարի ձորը, ուր կը սպասէին Մուամմէր պէյի կողմէ հոն զրկուած ջարդարար հրոսակները իրենց պետերով:
Կարաւանի հայերը չորսական իրարու հետ կապուած էին: Զայն առաջնորդող ոստիկանները յանձնեցին կապուած հայերը նոյնինքն հրոսակներուն, որոնք իրենց վստահուած պաշտօնը կատարեցին՝ կոտորելով կարաւանը եւ կողոպտելով անոնց ունեցածները:
Բ. Յուղարկումը տեղի ունեցաւ օգոստոսի սկիզբը, առաջին յուղարկումէն 15 օր վերջ: Երկրորդն ալ, առաջինին պէս, ոստիկաններու գլխաւորութեամբ կազմուած զինեալ ժանտարմներու տասնեակներ եւ ասոնց օժանդակող գազանաբարոյ թուրքեր, որոնք կը ձերբակալէին ուր որ հայ մը տեսնէին եւ կամ մատնանշուած տուները կը խուզարկէին եւ նոր զոհերով բանտերը կը լեցնէին:
Բ. Կարաւանի մեկնումէն ետք տուներու խուզարկութիւնները եւ կողոպուտները կը շարունակուէին անդադար եւ աւելի վայրագօրէն: Թուրք գիւղացիներ՝ դիակներու հոտ առած ագռաւներու պէս, կը թափէին ու կը տանէին ամէն ինչ, իբր թէ գնելով, հարիւրի վրայ առաւելագոյնը մէկ վճարելով, այլեւս միանգամայն պարզօրէն յայտնելով, որ քանի մը օրէն ոչ ոք ողջ պիտի մնայ:
Որպէսզի յուզումնալի դէպքեր չպատահին՝ իթթիհատականներէն բացի, քաղաքի աւագանիէն երեք հոգինոց յանձնախումբեր կ՛օժանդակէին ոստիկանութեան: Բնակիչներէն պարպուող տուները սոյն յանձնախումբերուն կողմէ անմիջապէս կը կնքուէին եւ իբրեւ «քեալ գոյք» պետութեան իրաւասութեան կը յանձնուէին:
Մեծագոյն թալանը այս յանձնախումբերուն կողմէ է որ կը կատարուէր: Որովհետեւ ասոնք վերահասու ըլլալով ամէն տան հարստութեան, իրիկնամուտին իրենց մարդերով կնիքները կը քանդէին եւ կողոպուտի գործը լրացնելէ ետք վերստին կնիքը կþամրացնէին դռներուն վրայ:
Այլեւս արհամարհելի մնացորդացի վերածուած էր: Կարգը եկած էր լքեալ գոյքերուն, շարժուն եւ անշարժ հարստութիւններուն: Բնակիչներէ պարպուած 2500 տուներու մէջ մնացած իրերը փոխադրեցին մեր եկեղեցին՝ որպէս զինուորական պիտոյք: Իսկ կահ կարասիները, ինչ որ ամէն գիշեր մաղուելէ վերջ մնացած էր, իբրեւ թողօն վաճառքի հանեցին: Տեղացի թէ դրսեցի պաշտօնատարներ իրենք զիրենք տէր հռչակեցին բազմայարկ տուներուն եւ տիրացան կահ կարասիներուն, մթերքներուն եւ վաճառականական ապրանքներուն: Տուներէն վերջ պետութիւնը ձեռք առաւ վաճառատուներու եւ խանութներու հաշուեյարդարը: Այս գործերուն մատակարարման համար ստեղծեց «Էմվալը մէթրուքէ իտարէսի» («Լքեալ գոյքերու վարչութիւն») պաշտօնական մարմին մը, որ նախ նպաստաւորեց հրապարակի ազդեցիկ թուրքերը: Այն թուրքերը, որ նախապէս ունեւոր էին, բայց ոչ երիտասարդ, գործակցական ընկերութիւններ կազմեցին եւ մէկէ աւելի կերպասեղէնի վաճառատուներ սեփականացնելով՝ սկսան իրենց համար անսովոր եղող առեւտուրի. իսկ հասարակ թուրքերը, որոնք 5-6 ամիս առաջ իշապան էին կամ կառապան, այժմ ջարդերէն եւ տեղահանութիւններէն աւարած հարստութիւններով, աղա կամ էֆէնտի եղած, լքեալ գոյքերու վարչութենէն կը գնէին հիւսուածեղէնի եւ կամ առանձին պիտոյքներու վաճառատուներ եւ առանց յոգնութեան եւ փորձառութեան՝ յանկարծ կը դառնային խանութպան կամ վաճառական:

Էջի պատասխանատու` Խաչատուր ԴԱԴԱՅԱՆ

Դիտվել է՝ 3358

Հեղինակի նյութեր

Մեկնաբանություններ